2015-09-23 10:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` լրագրողներուն հետ զրոյցը Քուպայէն Ուաշինկթըն թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 22 սեպտեմբերին, Քուպայէն Ուաշինկթըն փոխադրող թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ զրոյց ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ խօսելով Քուպայի եռօրեայ առաքելութեան մասին, ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական խնդիրներու մասին։

Զրոյցին ընթացքին Սրբազան Պապը յայտնեց Քուպա այցելութեան գլխաւոր դրդապատճառը որ է ԱՄՆ-ի Եւ Քուպայի միջեւ, 50 տարիներու բախումներէ ետք, դիւանագիտական կապերու վերահաստատումը` անցեալ 17 դեկտեմբեր 2014-ին։

Ամերիկեան շրջափակումի մասին խօսելով Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց որ երկու կողմերը յանգին համաձայնութեան մը որ վերջնականօրէն փոխէ այս դրութիւնը։

''Քուպայի եկեղեցին աշխատեցաւ ազատ արձակուելիք բանտարկեալներու ցանկ մը շարադրել ու կառավարութիւնը արդեն ներում շնորհած է 3 հազար անհատի'' յայտնեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, անդրադառնալով Քուպացի ''այլախոհներու'' հարցին­, ու մաղթեց որ բոլոր Քուպացիները կարենան համերաշխօրէն ու միասնաբար ապրիլ իրենց հայրենիքին մէջ։

Ֆիտել Քասթրոյի հետ ունեցած հանդիպումի մասին արտայայտուելով Սրբազան Պապը յայտնեց թէ ''ապաշխարութիւնն ու զղջումը'' անձնական մտերմիկ հարց է հայող` ամէն մէկու խղճին։

Ապա խօսելով իր դիրքին հայող ընկերային հարցերուն, համայնավարութեան եւ դրամատիրութեան  Սրբազան Պապը հաստատեց թէ այդ դիրքը կը համապատասխանէ` Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումին։ Ապա երբ Քահանայապետին ըսուեցաւ թէ ոմանք կը մտածեն թէ ինք համայնավար է Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց` ''եթէ կարիքը կայ որ ես Հաւատամքը արտասանեմ պատրաստ եմ զայն ընելու....''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.